2013-09-13 13:37:15

Գերապայծառ Միրիաթեան` ''Ընդդիմութեան Կողմէ Քրիստոնեաները Հանգստացնող Ոչ Մէկ Նշան Կայ''


''Զինեալ խումբերու ոչ մէկէն, ոչ ալ ծայրայեղ մահմետականներէն եւ որեւէ ուրիշ մէկ խմբակէն նշան մը ունինք որ քրիստոնեանրը կը հանգստացնէ։ Ասոր համար երբ զինդադարի շրջանը սկսի հաւանական է որ քրիտոնեաները սկսին երկրէն փախչիլ''։ Հաստատած է Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Միրիաթեան ''ֆիտէս'' գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։
Անդրադառնալով Ամերիկեան զինեալ հարցակումի հեռանկարին, Գերապայծառը յայնտած է թէ այդ իրողութիւնը ''աւելիով աճեցուցած է մտավախութիւնը։ Ան ապա մատնանշած է ''պահ մը մտածել թէ ինչ կրնայ պատահիլ եթէ հռդիր մը հարուածէ քիմիական զէնքերու կեդրոն մը։ Այս պատերազմը Սուրիան կործանեց ոչ միայն որպէս կառոյց այլեւ սրտերուն մէջ։ Առաջուայ պէս խաղաղութեան մէջ ապրելու յոյսը այլեւս փարատած է հաստատած է Գերապայծառ Միրիաթեան ու ապա արտայայտուելով հ ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքի ու ծոմապահութեան հռչակած օրուան որուն մասնակցած էին Հալէպի բոլոր եկեղեցիները ըսաւ` ''Սրբազան Քահանայապետի խօսքը զօրեղ ու յստակ էր։ Ան ըսաւ այն ինչ որ պէտք էր ըսուի''։ Խաւարի մէջ կը քալենք - հուսկ աւելցուց Եկեղեցականը - ու չենք կրնար երեւակայել թէ ինչպէս պիտի վերջանայ այս հարցը։ Սակայն կը շարունակենք աղօթել։








All the contents on this site are copyrighted ©.